
Անցնող քսանամեակի վերիվայրումներէն եւ խարխափումներէն ետք, հայ-թրքական փրոթոքոլներու վտանգաւոր ռիսկային գրաւէն ետք, հայկական դիւանագիտութիւնը կարծես թէ ազգային շահի պաշտպանութեան բանական հունը կը մտնէ: «Ազգային շահ» ըսելով հոս պիտի հասկնանք արտաքին քաղաքականութեան այն ուղղուածութիւնը, որ ներազգային ոլորտին մէջ համախոհութիւն կը յառաջացնէ եւ, առ այդ, պետական նախաձեռնութիւններուն կ՛ապահովէ ե՛ւ հայրենաբնակ հայութեան, ե՛ւ Սփիւռքի զօրակցութիւնը: Նախարար Էտուարտ Նալպանտեանի…















