
ՔԱԿ-ի արգելափակեալ ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանի նամակը, ուղղուած` հայ ժողովուրդին, պարզագոյն բանաձեւումով խառն ուղերձներ (միքստ մեսեճըզ) կը փոխանցէ ընթերցողին: Նախ կարելի չէ անտեսել այն երեւոյթը, որ միեւնոյն կուսակցութեան ղեկավարներէն Պեսէ Հոզաթ հայկական լոպին մեղադրած էր Թուրքիոյ ուրուական պետութիւններէն մէկը ըլլալու յանցանքով, որուն հերքումի ձեւով մեկնաբանուեցաւ Օճալանի նամակը: Խառն ուղերձի տրամաբանութեան մէջ կ՛իյնայ սկսելու համար նամակի այն…















