
ՊՈՍԹԸՆ (Մասաչուսէց).- Հ.Յ.Դ. Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի 116-րդ Պատգամաւորական Ժողովը տեղի ունեցաւ Ապրիլ 4-էն 8, 2013-ին, Ուաթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս եկողեցւոյ սրահին մէջ, մասնակցութեամբ շրջաններու ներկայացուցիչներու եւ հրաւիրեալներու: Ժողովը մանրամասնօրէն քննեց ներքին կազմակերպական, երիտասարդական, Հայաստան-Սփիւռք հարցեր եւ կատարեց առաջարկներ, որոնք աւարտին վերջնականապէս համադրուեցան բանաձեւի յանձնախումբին կողմէ: Պատգամաւորները կը ներկայացնէին, զանազան շրջաններ, որոնց կարգին` Տիթրոյթ, Շիքակօ, Ռէյսին, Ֆլորիտա,…















