
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Աշգարեան, երէկ այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին Կեդրոնական կոմիտէն ողջունած է վարչապետ Հարիրիի` իր հրաժարականը յետս կոչելու կեցուածքը, որ կարելի է նկատել ընդառաջում…














