
Հ. Յ. Դաշնակցութեան համար կարգապահութիւնը հիմնական յատկութիւն է։ Իւրաքանչիւր դաշնակցական մարմին եւ շարքային անդամ յատուկ գուրգուրանք եւ բծախնդրութիւն կը ցուցաբերե կարգապահութեան պահպանման եւ գործադրութեան հարցում։ Այս կազմակերպական իրականութեան ի տես, Դաշնակցութեան էութենէն եւ գործէն անտեղեակ մարդիկ փութկոտութեամբ Դաշնակցութիւնը կը պատկերացնեն իբրեւ բռնատիրական կազմակերպութիւն, իսկ դաշնակցականները՝ իբրեւ հլու կամակատարներ։ Անտեղեակութեան, չըսելու համար տգիտութեան արդիւնք են նման…












