
Հայաստանի անկախ պետականութեան հոյակերտման մեծ հաիւրամեակի սեմին, քաղաքամայր Երեւանի իշխանութիւնները յայտարարած են նախագծային մրցոյթ Արամ Մանուկեանի յուշարձանը կանգնելու օրինակելի առաջադրութեամբ։ Մեծ ոստիւն մըն է ասիկա մեր պետականութեան հարազատ արմատներուն վերադառնալու եւ պատմական ճշմարտութիւնը սերունդներու յիշողութեան մէջ ամրագրելու իր էական մտատեսիլով։ Կը շնորհաւորենք քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանն ու բոլոր անոնք, որոնք կրցան այս նախաձեռնութիւնը իրականութեան վերածել յաղթահարելով…














