
Խստoրէն կը դատապարտենք առանց դրդապատճառի Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի թիկնապահներուն կատարած յարձակումը, անմեղ ցուցարարներուն վրայ, որ պատահեցաւ Ուաշինկթընի մէջ, Մայիս 16, 2017-ին: 2016-ին, Էրտողանի թիկնապահները երկու անգամ նմանօրինակ միջամտութիւններ կատարած էին Միացեալ Նահանգներու մէջ, Ապրիլին «Պրուքինկզ» հիմնարկին մէջ, բանախօսութեան մը ընթացքին, եւ Յունիսին կռփամարտիկ Մոհամէտ Ալիի թաղման առթիւ: Հաւանաբար այսպիսի միջամտութիւններ բնական են Էրտողանի բռնատիրական ղեկավարութեան…















