
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Փոխ Նախագահ Ճօ Պայտըն երէկ պաշտօնական այցելութեամբ հասաւ Անգարա։ Հազիւ ոտքը թրքական հողին դրած, Անգարայի մէջ ԱՄՆի դեսպանատան կայքէջին վրայ լոյս տեսաւ Պայտընի կողմէ գրուած խմբագրական մը՝ «Թուրքիոյ անթեք յանձնառութիւնը ժողովրդավարութեան» խորագրով։ Որքան տարօրինակ էր այս խորագիրը, նոյնքան զայրացուցիչ էր անոր բովանդակութիւնը ամերիկացի քաղաքացիին եւ մանաւա՛նդ ամերիկահայութեան, որուն երկարատեւ բարեկամը եղած է…















