
Երէկ ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ Եւրոպայի մայրաքաղաքը ցնցած ահաբեկչական արարքներու շարքին վրայ: Ամբողջ Եւրոպային ուղղուած ահաբեկչական արարքներուն շարժառիթները կարելի չէ միանշանակօրէն բանաձեւել` իրենց բոլոր հետապնդած նպատակները միանշանակ նշելով: ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ամէնէն բիրտ պատերազմը այս օրերուն կը տարուի սուրիական տարածքներու վրայ ռուս-ամերիկեան համաձայնութեամբ, Եւրոպայի երկրորդական մասնակցութեամբ, սակայն հարուածուողը նախ եւ առաջ այս տարողութեամբ Եւրոպան է: Արդէն…















