
12 ապրիլին Վատիկանի մէջ արձանագրուածը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ընդհանուր շրջագիծին մէջ կարելի է բնորոշել իրադարձային հանգամանքով: Հայկական գործօնը` իր պետական, հոգեւորական եւ դիւանագիտական բարձրագոյն մակարդակներով ծրագրաւորուած եւ համակարգաւորուած արդիւնաւէտ աշխատանքի մը արգասիքը ապահովեց անցեալ կիրակի քրիստոնեայ աշխարհի կեդրոնատեղիին մէջ: Յետադարձ հայեացք մը կրնայ բացատրողական ըլլալ մեկնաբանելու համար մեր երկրի նախագահին դէպի Վատիկան ու Հռոմ կատարած…















