
Ինքզինք աւելի օսմանցի, քան հայ զգալէ ընդամէնը մէկ օր ետք, Թուրքիոյ վարչապետին գլխաւոր խորհրդականը հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց. «Ես ըսած եմ, որ ինքզինքս հայ ըլլալէ աւելի օսմանցի կը զգամ: Ես ազգայնական չեմ, սակայն երբ 1915-ը նիւթ կը դառնայ, ես կ՛օգտագործեմ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը: Ես կը կարծեմ, որ ատիկա ցեղասպանութիւն եղած է, որովհետեւ ցեղասպանութիւն եզրը եւ 1915-ին…















