
Սպիտակն ու Գիւմրին հարուածած երկրաշարժէն 26 տարի ետք հարցումը կը մնայ հրամայական: Աղէտի գօտին վերածուա՞ծ է զարգացման գօտիի: Անշուշտ կարելի չէ անտեսել այն ճիգերը, որոնք պետական եւ հասարակական մակարդակներու վրայ անցնող քսանամեակին տարուեցան` այս գօտին դուրս բերելու իր վիճակէն: Բնակարաններու շինարարութենէն, ճանապարհաշինութենէն մինչեւ ենթակառուցային ծրագիրներու իրականացում, կարելի է ըսել, շրջանը որ դիմափոխուած է: Յատկապէս Գիւմրին,…















