
Որքան ալ տարաբնոյթ, խճճուած ու ճնշող ըլլան հայ քաղաքական միտքին օրակարգը ծանրաբեռնող եւ անմիջական լուծումներ պահանջող խնդիրները, ուշադրութենէ չի կրնար վրիպիլ, որ այդ բոլորը իրարու կապող կարմիր թելը հայեւթուրք հակադրութեան կնճռոտ հարցին վճռահատումն ու լուծումն է։ Նոյնիսկ եթէ հայ քաղաքական միտքը ի՛նք չուզէ ազգային-պետական մեր հիմնական օրակարգին մնայուն կէտը դարձնել հայեւթուրք կնճիռին արդար լուծումը, որ…















