
Անցեալ շաբաթավերջը, պատմական էր թէ՛ Պոլսոյ եւ թէ՛ հայութեան համար: Արդարեւ, 1923-էն ի վեր, առաջին անգամ ըլլալով է, որ Հ.Յ.Դաշնակցութեան պաշտօնական պատուիրակութիւն մը Պոլիս կ՛այցելէր: Նկատի ունենալով վերջին ամիսներու (…եւ տարիներու) անցուդարձերը, հաւանաբար հայորդիին համար, անակնկալ պիտի չըլլար այս պատահածը: Արդարեւ, քանի մը տարիէ ի վեր սկսած էին Արեւմտահայաստանի մէջ, կարգ մը եկեղեցիներու վերաշինութիւնները, իսկ…















