
Եւրոխորհրդարանի ընդունած (կամ չընդունած` նկատի ունենալով քուէարկութեան հետ կապուած անորոշութիւնները) բանաձեւը` Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման մասին, յայտնապէս հայանպաստ չէ: Բնական է, որ առաջին հակազդեցութեամբ մեկնաբանութիւնները իբրեւ շարժառիթ պիտի ընդունին Հայաստանի` Մաքսային միութեան անդամակցութեան որոշումը: Քաղաքական իրադրութիւնները հետզհետէ աւելի համոզիչ կը դարձնեն այն, որ խնդիրը բացարձակօրէն քաղաքական ազդեցութեան գօտիներու վերագծման հետ կապուած է, եւ…















