
Թուրքիա սպառնացած է Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզի երեսփոխաններուն իրաւունք չտալ 2015-ին Թուրքիոյ Կալիփոլի (Չանաքքալէ) քաղաքին մէջ կայանալիք արարողութեանց մասնակցելու: Նշեալ արարողութիւնները նուիրուած են նոյն քաղաքին մէջ Համաշխարհային Ա. պատերազմի օրերուն տեղի ունեցած ճակատագրական ճակատամարտի հարիւրամեակին եւ պիտի իրականանան Աւստրալիոյ եւ Նիւ Զելանտայի զինուորական ուժերու՝ ԱՆԶԱՔ-ի -ի (The Australian and New Zealand Army Corps) նախաձեռնութեամբ: Այստեղ…















