
Նախագահ Փութինի այցելութիւնը Պաքու հասկնալիօրէն աւելի բարձրացուց արդէն իսկ որոշակի նախադրեալներու հիման վրայ Երեւանի մէջ ստեղծուած մտահոգութեան ալիքը։ Տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններ կը շարունակեն հեղեղել մամլոյ ասուլիսներու, մեկնաբանական յօդուածներու եւ վերլուծական փորձերու առանցքային նիւթերով յագեցուող տարածքները։ Այս բոլորը սկսան, երբ հրապարակուեցաւ Ռուսիոյ կողմէ Պաքուն սպառազինելու համար վաճառուած զինուժի տարողութիւնը։ Դէպի Պաքու նկատուող ռուսական ջերմացումի այս աստիճանաչափի կտրուկ…















