
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ամերիկեան դեսպանատան քաղաքական խորհրդատու Տէյվիտ Ճեֆրին, որուն կ՛ընկերանար դեսպանատան հանրային կապերու պատասխանատու Ֆատի Հաֆեզ: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր արժեւորում մը կատարելու Լիբանանի ներքին անցուդարձերուն եւ շրջանային կացութեան շուրջ: Բագրատունի ամերիկացի դիւանագէտին ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի դիրքորոշումը` լիբանանեան թէ…















