
Գովել իշխանները իրենց չունեցած առաքինութիւններուն համար, կը նշանակէ զանոնք անպատիժ կերպով անարգել: Ֆրանսուա տը լա Ռոշֆուքօ (ԺԷ. դար) Թող ներուի ըսել, որ ժամանակակից սփիւռք(ներ)ը (յոգնակի՞, թէ՞ եզակի), բացի կարգ մը սահմանափակ շրջանակներէ, կը նմանի, ինչպէս կ’ըսուի սովորաբար, օդանաւի մը, որուն մէջ օդաչու չկայ: Այս սփիւռք(ներ)ը ի՞նչ պատկեր պիտի ներկայացնէ յիսուն կամ հարիւր տարիէն, յարաբերաբար ամբողջական…













