
Ֆրանսայի հարաւային շրջանի CCAF-ի (Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդ) եւ Մարսէյի 6րդ եւ 8րդ շրջաններու քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ՝ 23 Յունիսին, Մարսէյի Սողոմոն Թեհլիրեանի անունը կրող հրապարակին վրայ բացումը կատարուեցաւ Թեհլիրեանի յուշակոթողին, որուն հեղինակը Թաւիթ Եուզանն է: Ձեռնարկին ներկայ էին Մարսէյի մօտ Հայաստանի հիւպատոս Ռուբէն Խարազեան, 4րդ եւ 5րդ շրջանի քաղաքապետ Մարին Փուսթոլինօ, Շրջանային խորհուրդի նախագահի ներկայացուցիչ…















