
Մայիս մէկը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ այս անգամ կը ստանայ խիստ ժամանակակից, արդիական հնչեղութիւն, այն առումով, որ համաժողովրդական շարժումը կը տօնախմբէ իր յաղթանակը: Այս յաղթանակին, աւելի ճիշդը ամբողջ շարժումի համաժողովրդայնացման մէջ առաջադրուած առաջնային թեմաներէն էր հարստապետական կարգերը արմատապէս փոխելու կարգախօսը: Իսկ այդ կարգախօսը յաջողած էր նկատելի թիւով համալրել մարզերու, գիւղերու եւ առհասարակ քաղաքացիներու այն խաւը, որ…















