
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի որոշումով եւ Լիբանանի Հայ դատի յանձնախումբի տնօրինութեամբ, ուրախութեամբ կը յայտարարենք, որ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ հաստատուեցաւ Հայ դատի Պէյրութի գրասենեակը` նպատակ ունենալով յաւելեալ զարկ տալ Հայ դատի ծանօթացման ու հետապնդման աշխատանքներուն Լիբանանի մէջ: Հայ դատի Պէյրութի գրասենեակը կու գայ աւելնալու Հայ դատի աշխատանքին նուիրուած աշխարհատարած ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակներու շղթային: Գրասենեակի տնօրէնութիւնը…















