
Դիւանագէտներու արտաքսման պատերազմը թափ կը հաւաքէ: Իրադրութիւններու եւ յատկապէս ռուս դիւանագէտներ արտաքսելու իրերայաջորդ որոշումներուն կշռոյթը մտածել կու տայ, որ ոչ թէ բրիտանական որոշումի զօրակցութեան եւ արագ արձագանգումներուն մասին է խօսքը, այլ առաւելաբար նախապէս համաձայնեցուած արտաքսման գործողութիւններու շարքի մը առարկայացման: Ռուսիոյ դէմ շղթայազերծուած դիւանագիտական հարթութեան վրայ այս համալիր գործողութիւնները կարելի է դիտարկել տնտեսական պատժամիջոցներով սկսած Ռուսիան…















