
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ Հոկտեմբեր 24էն 26 կայացող՝ «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներու» խորագրեալ համաժողովի բացման մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, թէ հաւաքը պատասխան մըն է Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու նկատմամբ Միացեալ Նահանգներուն ցուցաբերած անտարբերութեան։ Համբարեան շեշտեց, թէ Ուաշինկթըն պէտք է առաջատարի դեր ստանձնէ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու պաշտպանութեան եւ…















