
Տարիներէ ի վեր արեւմտեան երկիրները Միջին Արեւելքի մէջ իրենց ազդեցութեան գօտիները ամրացնելու համար հեռուէն կամ մօտէն թիրախ առած են Իրանը: Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ծայրայեղ իսլամական շարժումներու դէմ պայքարին մէջ կարեւոր գործօն կը հանդիսանայ իրանեան զինեալ միջամտութիւնը: Այս բոլորին կողքին, իրանեան հիւլէակայաններու տագնապը ամէնէն ծանրակշիռն էր, որովհետեւ Արեւմուտքը Իրանին պարտադրեց տնտեսական եւ ելեւմտական խիստ պատիժներ,…















