
Յայտարարութիւն Համայն հայութիւնը այս օրերուն կը նշէ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակը, որոնք ձեռք բերուեցան համայն հայութեան ջանքերով, ազնուագոյն զաւակներու զոհաբերութեամբ եւ հայրենի ու սփիւռքեան ներուժի համախմբումով: Անկախութեան ձեռքբերման մէջ անառարկելի է նաեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներդրումը, 88 թուականին հրապարակ նետած «Դէպի Երկիր» կարգախօսէն սկսեալ, իր արժանաւոր զաւակներու անմնացորդ զոհաբերութեամբ եւ…















