
Արցախի դէմ Ազրպէյճանի շղթայազերծած պայքարին զուգահեռ, անցնող օրերուն թշնամիին կողմէ ծայր առած է նաեւ հակահայ քարոզչական հերթական արշաւ մը` արցախեան հիմնահարցը խեղաթիւրելու, անոր էութիւնը բովանդակազրկելու, ինչպէս նաեւ ղարաբաղեան կողմը նախայարձակ ներկայացնելու կազմակերպուած սադրանքով: Այս իմաստով լիբանանեան հանրային կարծիքին անհրաժեշտ պարզաբանումները կատարելու եւ լիբանանեան ու ընդհանրապէս արաբական մամուլին մէջ հարցերու առարկայական արձագանգում ապահովելու համար, ՀՅԴ Քարոզչական…














