
Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած Ազրպէյճանի պետական պաշտօնատարներու դէմ հասցէական պատժամիջոցներ կիրարկելու կոչ-բանաձեւի բովանդակութիւնը առաջին հայեացքով առաւելաբար կը կեդրոնանայ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման երեւոյթներուն վրայ: Բանաձեւի կէտերուն տարբաղադրումը կու տայ հետեւեալ պատկերը, որ խորքին մէջ կը կազմէ որդեգրուած բանաձեւին հիմնաւորումները: Ազրպէյճանի մէջ արձանագրուած է աճ բռնաճնշումներու եւ ձերբակալութիւններու ենթարկուած իրաւապաշտպաններու եւ լրագրողներու երեւոյթներուն: Եւրոպական խորհրդարանը պէտք է…















