
ՊՐԻՒՔՍԵԼ.- Հինգշաբթի, 23 Յուլիսին, Պելճիքայի խորհրդարանի լիագումար նիստը բացարձակ մեծամասնութեամբ հաստատեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը: Չորեքշաբթի օր սկսած քննարկումները գրեթէ միաձանութեամբ ի պաշտպանութիւն էին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին նկատմամբ, որուն դրականօրէն արձագանգած էին Պելճիքայի խորհրդարանի գրեթէ բոլոր խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները: Այս բանաձեւին վաւերացումով, Պելճիքայի խորհդարանը կու գայ միանալու երկրի դաշնակցային կառավարութեան ու Ծերակոյտին, որոնք վաղուց…















