
Ֆրանսան եւ ընդհանրապէս աշխարհը ցնցած իսլամական ծայրայեղական ձեռագիր կրող ահաբեկչութիւնը այս օրերուն իր վրայ կեդրոնացուցած է երկրագունդի ուշադրութիւնը: Վերլուծումներ, բանավէճեր, շարժումներ, կը շարունակեն ողողել ամէն տարածք, որ այս կամ այն ձեւով մտահոգ է ահաբեկչական միտումի մագլցողականութիւն արձանագրող ընթացքէն: Կը պարզուի հետզհետէ, որ երկրագունդը իր կարեւորագոյն աշխարհագրական միջավայրերով անվտանգութեան գօտիներէ դուրս եկած է եւ կրնայ դիմագրաւել…















