Շրջանային մամուլ

Կեդրոնական Կոմիտէն Կը Դատապարտէ Ատրպէյճանական Յարձակումը

Չորեքշաբթի, 12 Նոյեմբերին, Ատրպէյճանական Զինուած ուժերը շարունակելով զինադադարի պայմանները խախտելու իրենց վարքագիծը՝ կրակ բացած են Արցախի Պաշտպանական Բանակի ռազմական ուղղաթիռին վրայ, որ վար ինկած է ու անոր անձնակազմի երեք անդամները նահատակուած են: Կեդրոնական Կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի իշխանութեանց յարձակողապաշտ քաղաքականութեան այս նոր դրսեւորումը եւ կը պահանջէ Մինսկի խումբի համանախագահներէն եւ յատկապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու…

ՀՅԴ-ին չի բավարարում 2015-ի բյուջեն

ՀՅԴ խմբակցությանը չի բավարարում կառավարության ներկայացրած` 2015թ. բյուջեն: ԱԺ ՀՅԴ խմբակցության ղեկավար Արմեն Ռուստամյանը լրագրողների հետ զրույցում նշեց, որ բյուջեն չի բավարարում թե’ եկամուտների, թե’ ծախսերի մասով: «Չեն բավարարում զարգացման այն տեմպերը, որոնք արձանագրվում են այս բյուջեով, որովհետև սահմանափակ են թե’ հնարավորությունները, թե’ ռեսուրսները»,- ասաց նա: Հարցին` բյուջեն իրատեսակա՞ն է, ինչպես նշել էր վարչապետը, Արմեն…

Ակնարկ. Ժխտումի Համակարգող Կեդրոններ

«Ազերնիուզ»-ի հրապարակած լուրը, որուն համաձայն, Ազրպէյճանի իշխանութեանց նախաձեռնութեամբ, ազրպէյճանական սփիւռքը համակարգող կեդրոններ պիտի բացուին աշխարհի տարածքին, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Ուքրանիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ, հաւանաբար հիմնական նորութիւն չփոխանցէ: Ազրպէյճանական սփիւռք դասական հասկացողութեամբ գոյութիւն չունի. այս նախաձեռնութիւնը զուգահեռ բնոյթ ունի Անգարայի փորձին: Լրատուութիւններուն հետեւողները կը յիշեն անպայման, որ Թուրքիա քանի մը անգամ համագումարներ կազմակերպեց թրքական սփիւռքը…

«Ազդակ»ի Խմբագրական. Մերժեցի՛նք Երկարաձգողներու Եւ Պոյքոթողներու Ընտրանքները

Լիբանանի խորհրդարանի չորեքշաբթի օրուան նիստը իր կանխատեսելի արդիւնքով հանդերձ, Լիբանանի ժամանակակից պատմութեան մէջ կարեւոր հանգրուան ըլլալու հանգամանքները կը լրացնէ: Երկիրը կ՛անցնի տագնապալի շրջանէ: Համալիբանանեան հիմնական միասնական խորհրդանիշ համարուող բանակը թիրախ է այսօր արտաքին ուժերու ներշնչումներէ սնուած ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներու: Բանակին հարուածումով, անոնք կը նպատակադրեն անկայունացնել երկիրը ամբողջ եւ աննախատեսելի իրավիճակներու առաջնորդել զայն: Ապահովական այս անկայունութեան…

Հաղորդագրութիւն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, երեքշաբթի, 4 նոյեմբեր 2014-ի երեկոյեան գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեց խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու հարցը, որ իբրեւ գլխաւոր կէտ դրուած էր խորհրդարանի երէկուան նիստին օրակարգին վրայ: Նիստէն ետք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դիտել տուաւ, որ երբ կուսակցութիւնը նախորդ անգամ համաձայն գտնուեցաւ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան 19 ամիսով…

Հայ Դատի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուներուն 95 Տոկոսը Ընտրուեցաւ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 4ին, Միացեալ Նահանգներու տարածքին կայացած ընտրութիւններուն արդիւնքով, յաջորդ Քոնկրեսը պիտի գտնուի Հանրապետական կուսակցութեան ամբողջական հակակշիռին տակ։ Արդարեւ, Ներկայացուցիչներու տան մէջ արդէն իսկ մեծամասնութիւն հանդիսացող հանրապետականները կրցան բաւարար աթոռներ ապահովել՝ մեծամասնութիւն մը դառնալու համար նաեւ Ծերակոյտին մէջ, երկիրի դաշնակցային օրէնսդիր մարմինները իրենց հսկողութեան տակ առնելով։ Հանրապետականները Ներկայացուցիչներու տան մէջ իրենց դիրքերը զօրացուցին եւ…

Ակնարկ. Ստեփանակերտէն Դէպի Ինքնորոշուելու Փորձ Կատարող Ժողովուրդներ

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի այցելութիւնը Քանատա կը տեղադրուի Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու տարբեր երկիրներ այցելութեան, Արցախի քաղաքական խնդիրները միջազգային շրջանակներու մէջ արծարծելու, անշուշտ ազրպէյճանական ապակողմնորոշող քաղաքականութեան դիմաց առարկայական տուեալներ փոխանցելու եւ նաեւ տեղւոյն հայ հայմանքներուն հետ հանդիպումներ ունենալու ընդհանուր պարունակին մէջ։ Քանատա կատարուած այցելութեան նկարագրականը եւս այդ տպաւորութիւնն ու համոզումը կը փոխանցէ։ Կարելի է ըսել,…

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Հակազդէ

Երէկ լիբանանեան «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի առաւօտեան յայտագիրի «Վուայաժ Վուայաժ»-ի բաժինին մէջ Ազրպէյճան այցելած հիւրեր ակնդիրներուն ներկայացուցին Ազրպէյճանի քարտես մը, որուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղը ներկայացուած էր իբրեւ Ազրպէյճանի մէկ մասը: Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ այդ հարցով նամակ մը յղեց «Էմ.Թի.Վի.»-ին` նշելով, որ Ազրպէյճանի բռնատիրական վարչակարգին կողմէ պատրաստուած այդ քարտեսին ճամբով «Էմ.Թի.Վի.»-ի ակնդիրներուն մօտ ստեղծուեցաւ այն…

Ընտրվել է ԼՂՀ գլխավոր դատախազ

Հոկտեմբերի 29-ին, ԼՂՀ Ազգային Ժողովը փակ գաղտնի քվեարկությամբ ընտրեց հանրապետության գլխավոր դատախազ եւ ԼՂՀ վերահսկիչ պալատի նախագահ: Քվեարկությանը մասնակցում էր 28 պատգամավոր: 24 կողմ, 2 դեմ եւ երկու անվավեր ձայների հարաբերակցությամբ ԼՂՀ գլխավոր դատախազ ընտրվեց Արթուր Արմենի Մոսիյանը:

Ակնարկ. «Աւելի Վատ Ծագում»-ով Գլխաւոր Խորհրդական Մը

Թուրքիոյ վարչապետին գլխաւոր խորհրդականի նշանակման լուրը բնականաբար պիտի գրաւէր բազմակողմանի ուշադրութիւն: Առաջին հայեացքով կը թուի, որ հայկական կողմին ուղղուած ծրագիրներուն հետ կապուած է «Ակօս»-ի նախկին խմբագիրին նշանակումը. աւելի մասնակի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին հետ առնչուած Անգարայի որդեգրած գործողութիւններու շարքին կարեւոր օղակի հանգամանք ունի այս քայլը: Քաղաքական տրամաբանութիւն կը ներփակէ այս տեսակէտը, որուն համոզման կը ծառայէ նոյնինքն…