
ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Երկուշաբթի, Մարտ 26ին, Քալիֆորնիոյ Նահանգային խորհրդարանի անդամ Լորա Ֆրիտմըն նահանգային օրէնսդիր մարմինին ներկայացուց թիւ 37 միացեալ բանաձեւը, որ 2018ի Ապրիլ 24ը կը հռչակէ «Քալիֆորնիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 103րդ ամեակի ոգեկոչման օր»։ Ֆրիտմընին զօրակցեցան Քալիֆորնիոյ Օրէնսդիր մարմինի հայկական համախմբումի անդամներ Ատրին Նազարեան (խորհրդարանական) եւ ծերակուտականներ Սքաթ Ուիլք ու Էնթընի Փորթանթինօ։ Ֆրիտմըն յիշեցուց, թէ հայաշատ Կլենտէյլի…















