
Կիներու միջազգային օրուան նշումը եզրաբանական ձեւափոխում կ՛ունենայ հետզհետէ: Կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան կարգախօսային առաջադրանքը այսօր առաւելաբար կ՛արտայայտուի սեռային իրաւահաւասարութիւն եզրոյթով: Շահագործումի, խտրականութեան, խոշտանգումի կամ բռնաբարումի արարքները իրաւազրկելու առումով կրնան վերաբերիլ ո՛չ միայն կիներուն, հետեւաբար աւելի տրամաբանական ընկալում ունի սեռային իրաւահաւասարութիւն ըսելաձեւը: Իրաւահաւասարութիւն բառը ինքնին օրինական ենթաիմաստ ունի: Առաջադրանքը ուրեմն այս հաւասարութիւնը սահմանադրութեամբ եւ օրէնքներով ամրագրելու իմաստը…















