
ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Ընկեր Աբօ: Երկիւղածութիւն պարտադրող, խիզախութիւն ներշնչող պարզ ու խոնարհ հայը։ Ընկերական համեստութեամբ, դաշնակցականի լռակեցութեամբ եւ վարակող յանդգնութեամբ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան ու Հայ Դատի արդարութեան մարտիկը։ Դաշնակցական հայդուկի անզուգական անձնաւորութիւն մը եւ մարտական առասպելատիպ ղեկավար մը: Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներուն հայութեան ինքնապաշտպանութեան եւ ապահովութեան ռազմական վէմը: Դաշնակցութեան յեղափոխական աւանդներու վերընձիւղման եւ Հայ Դատի ուժական պայքարի տարածման…















