Շրջանային մամուլ

«Ազդակ»ի Խմբագրական. Ընթացակարգային Եւ Քաղաքական Բնոյթի Հարցադրումներ

Պաշտօնական Ռիատի առած քայլին հետեւանքները կը թուի, որ երկարատեւ դրոյթ ունին: Օրերու թաւալումը աւելիով կը համոզէ, որ տասը օր առաջ հրաժարական ներկայացուցած Լիբանանի վարչապետին տունդարձը, հակառակ յայտարարութիւններուն եւ պահանջներուն, մօտալուտ չէ, ինչ որ իր հերթին դուռ կը բանայ անմիջական պատասխաններ սպասող հարցադրումներու: Քաղաքական հետեւեալ բեմագրութիւններուն կրնանք ականատես ըլլալ: Առաջին. վարչապետը, հիմնուելով իր կեանքի սպառնալիքի գոյութեան…

Ակնարկ. Ռիատի «Չափաւորականութեան» Թրքական Մեկնաբանումը

Ներսէուտական իրադարձութիւնները, Լիբանանի վարչապետին Ռիատ կանչուիլն ու այնտեղէն հնչած յանկարծակի հրաժարականով Լիբանանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը ստացած են ո՛չ միայն շրջանային, այլ նաեւ միջազգային հնչեղութիւն: Բացի այն իրողութենէն, որ այս նիւթերու մասին մեկնաբանական լրատուութիւնները արդէն քանի օրէ ի վեր կը զբաղեցնեն համաշխարհային լրատուամիջոցներու լուրերու առաջին հորիզոնականները, մէկ առ մէկ գերտէրութիւններու ներկայացուցիչները ստեղծուած ճգնաժամի շուտափոյթ լուծումի առաջադրանքը…

Վանայ Ձայնի հարցազրոյցը Վաչէ Գահրամանեանի հետ

Լիբանանի մէջ գործող «Վանայ Ձայն» ռատիոկայանը Երկուշաբթի 13 Նոյեմբեր 2017ին «Հայկական Աշխարհի Լուրեր» յայտագիրը հարցազրոյց մը կազմակերպած էր Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ տնօրէն Վաչէ Գահրամանեանի հետ: Հարցազրոյցի ընթացքին Գահրամանեան խօսեցաւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի կատարած աշխատանքներուն մասին յատկապէս անդրադառնալով Հոկտեմբեր ամսուայ ընթացքին տեղի ունեցած Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի պահանջատիրական աշխատանքներուն: Անդրադառնալով Աւստրալիոյ մէջ Թուրքիոյ…

«Հայրենիք»ի խմբագրական. Չորս միլիոնի մարտահրաւէրը…

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան լոյս ընծայած վիճակագրական պատկերը ցոյց կու տայ, որ աշխարհի բնակչութիւնը 2100-ին պիտի գերազանցէ 11 միլիառը: Զարմանալի չէ նաեւ այն ակնկալութիւնը, որ ափրիկեան ցամաքամասը ամենէն աւելի բնակեցուածը պիտի ըլլայ, եւ անշուշտ Հնդկաստանն ու Չինաստանը յաջորդաբար պիտի գրաւեն աշխարհի ամենէն խիտ բնակչութիւն ունեցող երկիրներու առաջին երկու տեղերը: Կովկասեան բարձրաւանդակն ու յատկապէս Հայաստանը նկատի ունենալով,…

Նախագահին Հետ Հանդիպումէն Ետք. Բագրատունի. «Տագնապը Երկարատեւ Պիտի Չըլլայ»

Լիբանանեան քաղաքական ղեկավարներու հետ հանրապետութեան նախագահի նախաձեռնած հանդիպումներու ծիրին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ յետմիջօրէին այցելեց նախագահական պալատ: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ հանդիպելէ ետք Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ներկայիս համբերատար զգուշաւորութիւնը տիրական է, որովհետեւ նման հարցեր ժամանակի կը կարօտին: «Տագնապը քաղաքական է, եւ մենք կարիքը ունինք իմանալու վարչապետ…

Լոս Անջելեսի քաղաքապետը պլանավորում է այցելել Հայաստան եւ Արցախ

Լոս Անջելեսի քաղաքապետ Էրիկ Գարսեթին ԱՄՆ Հայ Դատի հանձնախմբին տեղեկացրել է, որ ծրագրում է այցելել Հայաստան և Արցախ՝ նշելով, որ ինքը կնպաստի Հայաստանի և Լոս Անջելեսի միջև տնտեսական աճի ու մշակութային փոխանակման նոր հնարավորություններ ստեղծելուն: Ըստ Asbarez-ի՝ Գարսեթին այս մասին առաջին անգամ հայտարարել է Հայ Դատի հանձնախմբի հետ իր հանդիպման ժամանակ: Քաղաքապետն ու Հայ Դատի…

Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակը Կը Դատապարտէ Օսման Քաւալայի Ձերբակալութիւնը

Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը խորապէս մտահոգուած է Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու պաշտպան, մտաւորական Օսման Քաւալայի հարցով, որ 18 հոկտեմբերի առաւօտեան Պոլսոյ օդակայանին մէջ ձերբակալուած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ: Քաւալա Թուրքիոյ մէջ գործող մտաւորականութեան տիրական դէմքերէն մէկն է, որ Թուրքիոյ մէջ խաղաղութեան, այնտեղ ապրող ազգերու միջեւ մշակութային յարաբերութիւններու զարգացման, երկխօսութեան ջատագով է: Ան 24 ապրիլ 2016-ին այցելած է…

Ակնարկ. Տարածաշրջանյին Նորագոյն Զարգացումներ. Հայկական Դիտակէտեր

Ներսէուտական մագլցողականութեամբ յատկանշուող իրադարձութիւնները, եմէնական դիրքերէ դէպի Ռիատ կատարուած հրթիռակոծումը, Լիբանանի վարչապետին յանկարծակի հրաժարականի յայտարարութեան մէջ աննախադէպ հակաիրանական հռետորաբանութեան օգտագործումը տարածաշրջանին մակարդակով նոր օրակարգի հասունացման մասին ընդգծումներ տեսանելի կը դարձնեն: Եթէ նաեւ անմիջապէս մտաբերենք ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմի վերջին փուլի անցումին առընթեր Միացեալ Նահանգներու կատարած վերյիշեցումը` Հըզպալլայի երեւոյթին նկատմամբ վերաբերում ճշդելու անհրաժեշտութեան հրապարակումը, կը սկսինք տեսանելի…

Ապրիլը կարող է կրկնվել, բոլորը պետք է պատրաստ լինեն

Կրթության նախարար Լևոն Մկրտչյանի համոզմամբ՝ «Զինվորական ծառայության և զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրենքը չի վնասում գիտությանը: Ավելին՝ ըստ Լևոն Մկրտչյանի, եթե նայենք, թե ովքեր են պաշտպանել թեկնածուական թեզեր, ու քանիսն են մնացել գիտության մեջ, ապա լավ պատկեր չենք ունենա: Նախարարի համոզմամբ՝ Հայաստանում պետք է ծառայեն բոլորը․ երկիրն այսօր մարտահրավերի առջև է կանգնած և 2016-ի ապրիլյան պատերազմը…

Նախագահ Աուն – Բագրատունի Հեռաձայնային Խորհրդակցութիւն

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի անակնկալ հրաժարումէն անմիջապէս ետք, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն խորհրդակցական հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ լիբանանեան քաղաքական ղեկավարներու հետ: Այս ծիրին մէջ, շաբաթ կէսօրէ ետք, նախագահ Աուն նմանօրինակ խորհրդակցութիւն ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի հետ, որուն ներկայացուց Հարիրիի հրաժարականին լոյսին տակ ստեղծուած իրավիճակը եւ այդ գծով իր մտահոգութիւններն…