
Տարբեր պայմաններու տակ կ՚ապրինք: Շա՜տ բան փոխուած է եւ դեռ պիտի փոխուի համաշխարհայնացած մեր ներկայ աշխարհին մէջ: Այնքա՛ն, որ նոյնիսկ յապաղած կարելի է նկատել Հայաստանի Ազգային Ժողովի անդամներու կողմէ վերջերս պատրաստուած ընտանեկան բռնութեանց դէմ օրէնքի մը նախագիծը, որ իր կարգին յառաջիկային պիտի ներկայացուի Ազգային Ժողովին՝ առ ի վաւերացում։ Կարելի է հարց դնել. արդեօք Հայաստանի տարածքին…














