
154 տարի առաջ, Հոկտեմբեր 18ի լուսաւոր օր մը, Հայաստան Աշխարհը ծնունդ տուաւ Քրիստափոր Միքայէլեան անուն արու զաւակի մը, որ կոչուած էր մարմնաւորելու բազմաչարչար ու ստոյգ մահուան անդունդը գլորող մեր ժողովուրդին վերածնելու եւ, բաց ու խրոխտ ճակատով, ազգերու մեծ ընտանիքին մէջ իր արժանի տեղը վերահաստատելու յեղափոխական կամքը։ ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ հանդիսացաւ 19րդ դարավերջի Հայ Յեղափոխութեան Շարժումը միաւորող մարտունակ…















