
Հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման ամէնէն առասպելական հերոսներէն է Աղբիւր Սերոբը, որ 1899 թուականի 24 Հոկտեմբերի այս օրը, դաւադրաբար թունաւորուած հայ անունին անարժան դաւաճաններու կողմէ եւ շրջապատուած թուրք մեծաթիւ զօրքով, զէն ի ձեռին մինչեւ վերջին շունչ կռուեցաւ անարգ թշնամիին դէմ եւ… ինկաւ Ազատութեան Մեծ Երազի արիւնոտ ճանապարհին։ Մեր ժողովուրդն ու հայ աշուղները սրտաբուխ շատ երգեր նուիրեցին…








