
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հայերէն լուրերու բաժանմունքին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք այս հարցազրոյցով պաշտօնապէս մեկնարկը կը կատարէ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններու աշխատանքին եւ կը յայտարարէ ընտրարշաւին սկիզբը: Ան նշեց, որ երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած խորհրդարանական ընտրութիւնները արդէն իսկ դարձած են իրականութիւն:…













