
Մամլոյ հաղորդագրութիւն Փարիզի մէջ 20 Նոյեմբեր 2015-ին իր աշխատանքներուն սկսաւ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի երիտասարդական միութիւններու տարածաշրջանային խորհրդաժողովը: «Հ.Յ.Դ. երիտասարդութիւնը եւ Հայ Դատի վերանորոգ պահանջատիրութեան պայքարը» թեմայով այս խորհրդաժողովը կազմակերպուած է Հ.Յ.Դ. Ֆրանսայի Նոր Սերունդ երիտասարդական միութեան կողմէ՝ անոր 70-ամեակին առիթով: Եռօրեայ խորհրդաժողովին կը մասնակցին Հ.Յ.Դ. երիտասարդական միութիւններու աւելի քան 70 ներկայացուցիչներ Հայաստանէն, Արցախէն, Անգլիայէն, Գերմանիայէն, Հոլանտայէն,…














