Քննարկում

Հիմնական փոփոխություններով ապահովել դրական շարունակությունը

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Հրանտ Մարգարյանի «Երկրի հարց»-ը հաղորդաշարին (29-ը ապրիլի 2015թ.) տված հարցազրույցի ամբողջական սղագրությունը Հաղորդավար – «Երկրի հարցը» հաղորդաշարի հյուրն է ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Հրանտ Մարգարյանը Վստահաբար կարելի է ասել, որ այս տարվա բարձրակետը ապրիլի 24-ն էր, երբ Հայաստանում, Արցախում և Սփյուռքում համախմբված էր ողջ հայությունը, երբ աշխարհը խոսում ու գրում էր մեր մասին,…

«Ազդակ»ի Խմբագրական. Շարունակել Սկսուած Գործընթացը

(Մայիսմէկեան Տօնին Առիթով) Մայիսմէկեան խորհուրդին քաղաքական այժմէական հնչեղութեամբ մեր իրականութեան պարզած վիճակները լոյսին բերելու որեւէ փորձ ներկայ պահուն անպայման պիտի յիշէ մեր երկրի ներքաղաքական դաշտը յանկարծակիօրէն ցնցած հարստապետութիւնն ու քաղաքականութիւնը իրարմէ կտրուկ ձեւով անջատելու ամէնէն բարձր մակարդակներով առնուած քայլն ու անոր անմիջական հետեւանքները: Խօսքը կը վերաբերի քաղաքական դաշտը գրագիտացման ենթարկելու առաջադրանքին, որ մինչ այժմ մէկ…

«Նիւ Եորք Թայմզ» Կ՛անդրադառնայ Կաթողիկոսարանի Յարուցած Դատին

Ուաշինկթընի Մէջ Կատարուած Մամլոյ Ասուլիսի Ճամբով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Վերաշեշտէ Սիս Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Պահանջքը Քանի մը ժամ առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակին աջակցութեամբ մամլոյ ասուլիս մը տեղի ունեցաւ Ուաշինկթընի Մամլոյ ազգային ակուբին մէջ: Հրաւիրուած էին Ուաշինկթընի մէջ գործող Միացեալ Նահանգներու մամլոյ կարեւոր օրկանները: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան…

«Ազդակ»ի Խմբագրական. Պերլինէն Հասած Հարուածը

Վարագոյրը բարձրացաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ստեղծած քաղաքական մթնոլորտին վրայ: Միջազգային մակարդակի վրայ արձանագրուածները, տոմինոյի ազդեցութեան տեսութեամբ առարկայացած ճանաչումներու, դատապարտանքներու եւ համապատասխան յայտարարութիւններու արշաւը կը յուշեն նախադրեալներ` շարունակականութիւն ապահովելու: 100-ամեակը լաւ առիթ էր առնչուած պետութիւններուն համար կարմիր քարտը ցոյց տալու Անգարային: «Կա՛նգ առ» ըսելու նոր օսմանականութեան յոխորտանքով աշխարհաքաղաքական ուժի վերածուելու նկրտումներ դրսեւորող եւ արեւմտեան ուժերու վերահսկողութենէն…

25 Ապրիլ 2015-ին` Պայքարի Նոր Դաշտ

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը այսօր փաստօրէն կը թեւակոխէ Հայ դատի հետապնդման եւ Համահայկական հռչակագիրով նշուած հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ձեռքբերման համար հետզհետէ սաստկացող պայքարի նոր հանգրուան մը: Հանգրուան մը, որ վստահաբար նոյնքան ծանր, դժուարութիւններով լեցուն, անակնկալներով յղի եւ ոչ նուազ վտանգաւոր պիտի ըլլայ, քան անցնող հարիւր տարիներն ու Հայ դատի հետապնդման հոլովոյթը, հայապահպանումէն քաղաքականացում ու յեղափոխականացում, մինչեւ…

«Ազդակ»ի Խմբագրական. 100-Ամեակէն Անմիջապէս Ետք

Այսօր հայկական աշխարհը կը նշէ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: Նշումներու բովանդակութիւնն ու տարողութիւնը բոլորովին այլ բնոյթ ստացած կ՛ըլլային, եթէ Ցեղասպանութեան պատասխանատու պետութեան իրաւաժառանգորդը ի՛նք հաշուի նստած ըլլար իր իսկ սեփական պատմութեան հետ, ոչ միայն ճանչցած, այլ նաեւ դատապարտած ըլլար Օսմանեան կայսրութեան կազմակերպած սպանդը, տեղահանութիւնն ու ամբողջ ազգաբնակչութիւն մը իր հարազատ բնօրրանէն զրկելու ծրագիրը,…

«Ազատ Օր»ի Խմբագրական – Կը յիշենք եւ կը պահանջենք

Կը յի­շենք հա­րիւր տա­րի ան­պա­տիժ եւ ան­հա­տոյց մնա­ցած հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ կը պա­հան­ջենք մեր Ի­րա­ւունքն ու Ար­դա­րու­թիւ­նը։ Ամ­բողջ հա­րիւր տա­րի թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը փոր­ձեց ան­ցեա­լին մէջ թա­ղել պատ­մա­կան ան­հեր­քե­լի ճշմար­տու­թիւ­նը։ Ու­րա­ցա՜ւ, որ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի եւ Կի­լի­կիոյ հա­յա­թափ­ման ու թրքա­ցու­մին, հայ­կա­կան հա­զա­րա­մեայ շէ­նե­րու ա­ւե­րու­մին եւ ա­ւա­րու­մին, ա­ւե­լի քան մէ­կու­կէս մի­լիոն հա­յե­րու բնաջնջ­ման վրայ…

Ակնարկ. Օղակներն Ու Ընդհանուր Շղթան

Թուրքիոյ վարչապետին արդէն իսկ թոշակառու խորհրդականին ետքայլը չուշացաւ։ Իրաւամբ ցեղասպանութեան հարցի մասին կատարած համարձակ բարձրաձայնումներէն ետք պարզ է, որ կա՛մ հրաժեշտ պիտի տար իր պաշտօնին, կա՛մ ալ մտածել պիտի տար, որ ամէն ինչ վերահսկուած է, եւ վարչապետին կողմէ պատուիրուած, ինչ որ աւելի կը մղէր դիպաշարին հետեւողը այդ յայտարարութիւններուն ետին տեսնելու Անգարայի կողմէ կիրարկուած մարտավարական հանգրուանները։…

Թուրքիոյ Կամակոր Մոռացութիւնը

Միջազգային չափանիշներով ազդեցիկ թերթերու խմբագրական կազմերու Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու շքերթը երէկ նոր նուաճում մը արձանագրեց, յանձին «Նիւ Եորք Թայմզ»ի խմբագրականին: «Թուրքիոյ Կամակոր Մոռացու-թիւնը» վերնագիրով «Նիւ Եորք Թայմզ»ի խմբագրականը յատկանշական է, որովհետեւ մէկ կողմէ, կը հաստատէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ միւս կողմէ կը քննադատէ Թուրքիոյ կառավարութեան ուրացման վարքագիծը: «Յառաջիկայ Ուրբաթ, Ապրիլ 24ին, աշխարհով մէկ, հայութիւնը պիտի ոգեկոչէ…

«Ազդակ»ի Խմբագրական. Երիտասարդութիւնը` Բարձունքի Վրայ

100-րդ ապրիլ 24-ին հաշուըւած օրեր մնացած են, եւ հայկական աշխարհը ամբողջ կ՛եռայ 100-ամեակի նշումներով: Ընդհանուր գնահատական թէ՛ գաղափարախօսական, թէ՛ բովանդակային եւ թէ՛ ներազգային ու միջազգային մակարդակներու վրայ արձանագրած ձեռքբերումներուն, կանխահաս է կատարելը: Տարին ամբողջ 100-ամեակով բնորոշուած է եւ աշխատանքները կը ներառեն տակաւին հետագայ ամիսները: Այս ուղղութեամբ գերաշխուժ վիճակի մէջ է լիբանանահայ համայնքը: Այս սիւնակներէն կատարուող…