
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Լիբանանի մէջ տարուող աշխատանքներու ընդհանուր ուղղուածութիւնները` ներազգային, լիբանանեան (հասարակական եւ պետական), ինչպէս նաեւ դիւանագիտական շրջանակներու վերաբերեալ, տարբեր առիթներով լոյսին բերուած են եւ յատուկ ընդգծումներ ապահոված: Հրատարակչականէն քարոզչական, մշակութայինէն կրթական ու գիտական, անցնելով արխիւայինէն մինչեւ ցուցական-պահանջատիրական, այս գաղութը 100-ամեակ նշելու իր ցուցաբերած կորովին ու հաւաքած թափին մէջ կը շարունակէ գրաւել սփիւռքեան շրջաններու…















