
Լիզպոն երեւոյթին մասին հրապարակագրական այժմէականացում կատարող որեւէ փորձ քանի մը ուղղութիւններ անպայման նկատի կ՛ունենայ հայ ժամանակակից պատմութեան մէջ աննախադէպ այս արարքին ձգած հետեւանքները վերլուծելու պահուն: Ժամանակահատուածի առումով` լիզպոնեան խոյանքէն 31 տարի ետք եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակէն տարի մը առաջ, ոսպնեակները կը հրաւիրուին կեդրոնանալու Լիզպոնի մէջ պայթած ուժանակներուն յառաջացուցած տարբեր բնոյթի արձագանգներուն վրայ: Ներազգային առումով Լիզպոնը,…















