
Հայկական աշխարհը կը նախապատրաստուի նշելու Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակը եւ աշխատանքային ժամացոյցի սլաքները լարելու 100-ամեակի ուղղութեամբ։ Պահանջատիրութեան բովանդակային եւ եղանակային խնդիրներ, շեշտադրումներ, պետութիւն-սփիւռք թէ՛ հռետորաբանութեան եւ թէ՜ համակարգման մեքենականութիւններու ճշդումի հարցեր, իրաւական ուղիներու որոնումներ եւ հակառակորդի ձեռնարկած ու մշակած ծրագիրներու գաղտնազերծման փորձեր։ Այս վերջին կէտն է, որ դրսեւորումի նորագոյն օրինակներով դիտարժան հանգամանք կը ստանայ եւ առնուազն…















