
Դրական միտում կարելի էր նկատել Հայաստանի օրէնսդիր դաշտին մէջ կենսաթոշակային համակարգի մասին բարեփոխումներ բերելու նախաձեռնութիւնները։ Ի վերջոյ սկզբունքով անոնք պէտք է միտուած ըլլային աղքատութեան յաղթահարման փորձերով ժողովրդագրական վիճակագրութիւններու եզրակացուցած տխուր տուեալները բարելաւելու։ Այդպէս չեղաւ սակայն։ Ազգային ժողովի պատգամաւորներու նախաձեռնութեամբ 15 նոյեմբերին հրաւիրուած էր Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ՝ կենսաթոշակային համակարգի բարեփոխումներու պարտադիր բաղադրիչի գործադրումը մէկ տարիով…















