
Եզակի տիպար մըն է Սիմոն Զաւարեան, որուն կտակը նոյնքան սուրբ եւ մաքուր, որքան իր նկարագիրը: Եւ այսօր, որքա՜ն տարիները կը թաւալին, այնքան զգալի կը դառնայ նկարագրով համեստ եւ ուղղամիտ ՍՈՒՐԲին ձգած պարապութիւնն ու դատարկութիւնը: Բացակայ է անշահախնդրութիւնը, թափանցիկութիւնը, պարզամտութիւնը, սրբութիւնը եւ պարզապէս նուիրումն ու համեստութիւնը:…Եւ այս բոլորը նոյնքան բծախնդրութեամբ կը կիրարկէր, գործիչի ծածկանունով Անտոնը: Անուն…















