
18-20 օգոստոս 2013-ին, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ` Գասպար Կարապետեան այցելեց Ռումանիա, ուր ներկայ գտնուեցաւ Սուչավա քաղաքը գտնուող Հաճիկատար վանքի ուխտագնացութեան: Հաճիկատար վանքը կառուցուած է 1512 թուականին, թէ՛ հայերուն եւ թէ՛ ռումանացիներուն կողմէ կը նկատուի հրաշագործ, եւ իւրաքանչիւր տարի հարիւրաւոր հաւատացեալներ ներկայ կը գտնուին ուխտագնացութեան: Եկեղեցական արարողութիւնները կատարուեցան թեմակալ առաջնորդ Տաթեւ եպս. Մուրատեանի…















