
«ՀՕՄը Կ՛աշխատի Դառն Բաժակը Հեռացնել Հայորդիներէն» «ՀՈՐԻԶՈՆ».- Տագնապի սկիզբէն ի վեր ի՞նչ եղաւ Հալէպի եւ շրջաններու աշխատանքը: ԱՆՆԱ ՏԷՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Սուրիոյ տարածքին մօտաւորապէս երկու տարիէ ի վեր սկսած քաղաքական եւ տնտեսական տագնապը վերջին շրջանին մտահոգիչ սպառնալիք դարձաւ հայկական գաղութին։ Բոլոր շրջաններուն եւ քաղաքներուն մէջ՝ Դամասկոս, Ճեզիրէ, Գամիշլի եւ Հասաքէ, Լաթաքիա, Քեսապ եւ մանաւանդ Հալէպ, հայութիւնը…














