
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 1 յուլիսին Միջազգային եւրասիական շարժումի, Իզպորկեան ակումբին նախաձեռնութեամբ բացումը կատարուեցաւ «Կովկասի մէջ Ազրպէյճանը Ռուսիոյ միակ դաշնակիցն է» խորհրդաժողովին, որուն կազմակերպիչը Միջազգային եւրասիական շարժում կազմակերպութեան նախագահ Ալեքսանտր Տուկինն էր: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները մատնանշեցին, որ խորհրդաժողովը տեղի կ՛ունենայ «ապրիլեան մարտերուն իբրեւ հետեւանք հայկական բռնագրաւումէն ազատագրուած Ջոջուկ Մարճանլի գիւղին մէջ»: Խորհրդաժողովի ծիրին մէջ յայտնի ռազմական փորձագէտ Մաքսիմ…















