
«Կը դիմագրաւենք դիւանագիտական ցեղասպանութեան պարագայ՝ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ» Ֆրանսուհի խիզախ երեսփոխանուհի Վալերի Պուայէի անունը հայութեան մօտ կապակցուած է Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի հետ, որու հեղինակն է ինքը: Յանդուգն ու կորովի իր կեցուածքով՝ Վալերի Պուայէ հետեւողականօրէն աշխատած է Ֆրանսական խորհրդարանէն ներս: Անցեալ տարի առաջին օրինագիծը ներկայացնելէ ետք, այս տարի երկու օրինագիծ եւս…














